«ՀԻՆ ԱՍՏՈՒԱԾՆԵՐ»

Հայերէն լեզուի դասանիւթի ծիրէն ներս, Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածներ» թատրերգութենէն հատուած մը սորվելէ եւ իշխանուհիին ու վանահօր մասին թեր ու դէմ կարծիքներ արտայայտելէ ետք, մենք՝ Թ. դասարանի աշակերտներս, Երկուշաբթի, 22 Փետրուար, 2016-ին ներկայացուցինք «Հին Աստուածներ»-էն բաժին մը:

Աղջիկները իշխանուհի հագած, իսկ տղաքը՝ վանահայր, աշակերտները ինքնավստահութեամբ խաղացին իրենց դերերը: Անոնցմէ մէկ քանին մեզ զարմացուցին իրենց ձիրքերով: Չորեքշաբթի, 24 Փետրուար, 2016-ին, Տիկ. Իրմա Տէտէեան շատ տպաւորիչ ձեւով մեզի ներկայացուց իշխանուհիին դերը:

Լէա Խաչատուրեան

Նարօտ Մերտխանեան

Թ. դասարան