ՃԵՄԱՐԱՆԱԿԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ
Չորեքշաբթի, 18 Փետրուար 2015-ին, տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան վարչութեան կազմակերպած ճեմարանական նահատակներուն նուիրուած ձեռնարկը: Բացման խօսքը կատարեց Քրիստ Բրուտեան, ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը՝ յատուկ պատրաստուած նահատակներուն յիշատակին: Այնուհետեւ Ճեմարանի ուսուցիչ Վաչէ Ծատուրեան ներկայացուց ինը նահատակներուն կեանքը, գործունէութիւնն ու առաքելութիւնը: Ճեմարանական նահատակներն են՝ Յակոբ Պօղոսեան, Ժիրայր Խրիմեան, Սարգիս Պէքարեան,…
