ՃԵՄԱՐԱՆԱԿԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ

Չորեքշաբթի, 18 Փետրուար 2015-ին, տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան վարչութեան կազմակերպած ճեմարանական նահատակներուն նուիրուած ձեռնարկը: Բացման խօսքը կատարեց Քրիստ Բրուտեան, ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը՝ յատուկ պատրաստուած նահատակներուն յիշատակին: Այնուհետեւ Ճեմարանի ուսուցիչ Վաչէ Ծատուրեան ներկայացուց ինը նահատակներուն կեանքը, գործունէութիւնն ու առաքելութիւնը: Ճեմարանական նահատակներն են՝ Յակոբ Պօղոսեան, Ժիրայր Խրիմեան, Սարգիս Պէքարեան, Սարգիս Զէյթլեան, Լեւոն Պէրպէրեան, Ներսէս Խիւտավերտեան, Տոքթ. Վահէ Չէօփճեան, Կարօ Գաբլանեան եւ Վիգէն Զաքարեան: Պրն. Վաչէ իր խօսքը աւարտեց ըսելով, որ իւրաքանչիւր ճեմարանական պէտք է հպարտանայ այս նահատակներով, ներշնչուի անոնց գաղափարներէն եւ զանոնք առնէ իբրեւ իտէալ: Տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը. Հրակ Գարամինասեան կիթառով նուագեց ու երգեց «Զինուորի երգ»ը եւ «Վեր կաց եղբայր իմ»: Ապա Արին Թաշճեան եւ Նարօտ Սերուժեան ջութակով, Սէրուժ Յովսէփեան դաշնակով, իսկ Նարեկ Ճեմճեմեան երգելով ներկայացուցին Կարօ Գաբլանեանի յիշատակի երգը: Ձեռնարկը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով՝ կատարողութեամբ երկու ջութակահարներուն: Նարօտ Սերուժեան Ժ. դասարան