ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՐԵԿՈՅ

Շաբաթ, 29 Նոյեմբեր 2014-ին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան վարչութեան կազմակերպած հայկական եւ լիբանանեան երեկոն: Ճաշակելէ ետք հայկական տոհմիկ ճաշերն ու լիբանանեան յատուկ ուտելիքները, խնճոյքին բացումը կատարուեցաւ հայկական շուրջպարով, որմէ ետք պարային ուրախ մթնոլորտը շարունակուեցաւ լիբանանեան, հայկական թէ օտար երգերու ընկերակցութեամբ: «Քարաոքէ»ի ժամանակ խանդավառութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին: Ներկաները հաճելի ժամանակ անցուցին մտերմիկ մթնոլորտի մէջ: Նարօտ Սէրուժեան Ժ. դասարան