ԱՆԻ ԿԱՐՄԻՐԵԱՆ՝ ԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԻՒՐԸ

Չորեքշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2014-ին Լսարանական Միութեան հիւրն էր «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Արեւմտահայերէնի Տարածման Ծրագիրներու Աւագ Վարիչ Անի Կարմիրեան: Ան աշակերտներուն հետ խօսեցաւ հայերէն լեզուի եւ մանաւանդ արեւմտահայերէնի պահպանման մասին եւ քաջալերեց աշակերտները պատրաստելու հայերէն լեզուի համակարգչային յատուկ ծրագիրներ՝ մանուկներու թէ մեծերու համար: Աշակերտները խանդավառութեամբ մասնակցեցան հայերէն լեզուի ուսուցումը աւելի հաճելի դարձնելու միջոցներուն վերաբերող զրոյցին: