ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Երեքշաբթի, 15 Ապրիլ, 2014-ին տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան վերջին ընդհանուր ժողովը: Խօսք առաւ միութեան նախագահ Ալիք Գանտահարեան, որ ըսաւ թէ բոլորր ձեռնարկները իրագործուեցան այս տարի: Լսարանական Միութեան գանձապահ Շանթ Տէրունեան ներկայացուց ամբողջ տարուան ընթացքին միութեան ապահոված շահը՝ 5 790 000 Լ.Ո.: Այս գումարէն 300 000 Լ.Ո. փոխանցուեցաւ յառաջիկայ տարուան Լսարանական Միութեան, իսկ մնացեալը նուիրուեցաւ Սաներու ֆոնտին: Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանի պատգամով փակուեցաւ 2013-2014 տարեշրջանի վերջին ընդհանուր ժողովը: