ԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100 ԱՄԵԱԿԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՌԱՋԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿԸ

Չորեքշաբթի, 12 Նոյեմբեր 2014-ին «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան Ցեղասպանութեան 100 ամեակի յանձնախումբին կազմակերպած առաջին ձեռնարկը՝ նուիրուած Նեմեսիս գործողութեան Լիզպոն զոհուած 5 երիտասարդներուն եւ արդարութեան մարտիկներուն: Գեղամ Հաւաթեանի բացման խօսքի ընթերցումէն ետք Ռիթա Ֆերմանեանն ու Նարօտ Նորամանեանը միասնաբար խօսեցան Նեմեսիս գործողութեան մասին, որ տեղի ունեցած էր 1921-1922 թուականներուն եւ որուն նպատակն էր պատժել արիւնարբու ջարդարարները: Նարօտ Սերուժեանն ու Վանայ Ճենանեանը ներկայացուցին հայոց ցեղասպանութեան արդարութեան մարտիկներ (Հ. Ց. Ա. Մ.) գործողութիւնը, որ ծաւալած էր 1975-1983 թուականներուն եւ որուն թիրախներն էին թուրք քաղաքական եւ դիւանագիտական դէմքեր: Անոնք նշեցին, թէ ի՛նչպէս այս մարտիկներուն դատավարութիւնները կարեւոր դեր խաղացին Հայ Դատի ճանաչման գետնի վրայ: Գօգօ Յակոբեան խօսեցաւ Լիզպոն զոհուած հինգ քաջերուն մասին, թէ ի՛նչպէս կատարուեցաւ գորղողութիւնը եւ ի՛նչ արդիւնքի հասաւ: Վերոյիշեալ ներկայացումներէն ետք, տեղի ունեցաւ զարգացման մրցում մը: Երկրորդական բաժինի աշակերտները բաժնուած էին 14 խումբերու, որոնք կը կրէին հայկական շրջաններու անուններ: Առաջին հանդիսացաւ «Սիս» խմբակը, որ անսխալ պատասխանած էր բոլոր հարցումներուն: Երկրորդ դիրքը գրաւեցին «Մուսա Լեռ», «Անթապ» եւ «Ուրֆա» խմբակները, իսկ երրորդ՝ «Մարաշ»ը: Նշենք, որ ձեռնարկին ներկայ էին վաստակաւոր դերասան եւ բեմադրիչ Նարեկ Դուրեան ու պարուսոյց Ժագլին Մակինեան: Նարօտ Սերուժեան Ժ. դասարան