ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄ

Երեքշաբթի, 15 Ապրիլ, 2014-ին Լսարանական Միութիւնը կազմակերպեց զարգացման մրցում մը միջնակարգի աշակերտութեան համար: Մրցումի ընթացքին հարցուեցան Պատմական, Գրական, Մարզական եւ Այլազան հարցումներ: Աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ մասնակցեցան եւ ճիգ թափեցին լաւ արդիւնք ապահովելու: Ի վերջոյ յաղթեց Արշաւիր Շիրակեան Խումբը: