ԱՊՐԻԼ 24-Ի ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ

Երեքշաբթի, 15 Ապրիլ 2014-ին տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան ապրիլեան ձեռնարկը: Լսարանական Միութեան Նախագահ Ալիք Գանտարեանի բացման խօսքէն ետք, Հրակ Գարամինասեան երգեց եւ նուագեց «Սարերի Քամի» երգը, Ապա Ժ.-ԺԱ. դասարաններու աշակերտները ներկայացուցին Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցած բանավէճ մը, որուն ընթացքին տրուեցան թեր եւ դէմ կարծիքներ հայոց Ցէղասպանութեան մասին: Բանավէճէն ետք, խօսք առաւ Վանայ Ձայնի տնօրէն Աւօ Կիտանեան: Ան հակիրճ ձեւով տուաւ իր պատգամը Լսարանական Միութեան աշակերտներուն, միշտ յիշեցնելով անոնց, որ իբրեւ հայ աշակերտներ անոնք մեծ պարտականութիւններ ունին եւ պէտք չէ թերանան անոնցմէ: