ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Չորեքշաբթի, 21 Յունուար եւ Չորեքշաբթի, 4 Փետրուար 2015-ին, Լսարանական Միութեան պահերուն ընթացքին տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն՝ նոր սերունդին մարտահրաւէրներուն եւ թրքական ու հայկական քարոզչական աշխատանքներուն մասին: Դասախօսն էր դպրոցի ուսուցիչ Ճորճ Գրիգորեան: Ան ըսաւ, թէ ի՛նչպէս հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակի սեմին թրքական հակաքարոզչութիւնը հասած է իր գագաթնակէտին: Թուրքերը շատ աշխատանք կը տանին այս հարցին գծով թէ՛ համացանցի վրայ, թէ՛ գիրքերու եւ թերթերու միջոցով ու նոյնիսկ պատմաբաններու, փաստաբաններու եւ մասնագէտներու օգնութեամբ: Պարոն Ճորճ խօսեցաւ Հայ Դատի աշխատանքներուն մասին եւ քաջալերեց աշակերտները, որ հետեւին թուրք հակաքարոզչական կայքէջերու եւ գտնեն պատմական փաստեր այդ սուտ տեղեկութիւններուն փոխադարձելու համար: Նարօտ Սէրուժեան Ժ. դասարան