«ԹՈՒՄՕ»՝ ԾՐԱԳՐԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Չորեքշաբթի, 9 Ապրիլ 2014-ին Լսարանական Միութեան հիւրն էր ԹՈՒՄՕ արհեստագիտութեան կեդրոնի տնօրէնուհի եւ ճեմարանաւարտ Մարի-Լու Փափազեան: Ան ներկայացնելէ ետք իր կեանքը բացատրեց, թէ ի՛նչ է ԹՈՒՄՕ-ն եւ ինչպէս կը գործէ ան: ԹՈՒՄՕ-ն այն կեդրոնն է, ուր 12-18 տարեկան պատանիներուն եւ երիտասարդներուն կը մատուցուին անվճար դասընթացքներ՝ համակարգչային խաղերու ստեղծման, կայքէջերու մշակման եւ թուային արհեստագիտութեան: Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան այս ներկայացման: