ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Չորեքշաբթի, 22 Հոկտեմբեր 2014-ին, Լսարանական Միութիւնը գումարեց իր առաջին ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ միութեան միամեայ ծրագիրը, որ կ՚ընդգրկէ հետեւեալները. -Քարոզչական/դաստիարակչական ձեռնարկներ՝ նահատակ ճեմարանականներուն նուիրուած ձեռնարկ, ֆիլմի ցուցադրութիւն (ցեղասպանութեան 100 ամեակին նուիրուած), Ճեմարանի 85 ամեակի նշում, Ցեղասպանութեան 100 ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներ, զարգացման մրցում: -Ընկերային ձեռնարկներ՝ հայկական/լիբանանեան տոհմիկ երեկոյ, Նոր Տարուան խրախճանք, ձիւնագնացութիւն, խորովածի երեկոյ: Լսարանական Միութեան Վարչութիւն