ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Չորեքշաբթի 26 Մարտ 2014-ին Լսարանական Միութեան դասախօսն էր Ճեմարանի շրջանաւարտ եւ ուսուցիչ Վաչէ Ծատուրեան: Ան ներկայացուց մարզական կեանքը Լիբանանի մէջ եւ բացատրեց ՀՄԸՄի գործունէութիւնը ֆետերասիոնին մէջ: Տրուած ըլլալով որ Լսարանական Միութեան մէջ շատ են մարզիկները, այս դասախօսութիւնը արթնցուց անոնց հետաքրքրութիւնը:

ՎԱՐԴԱՆԱՆՔԷՆ ԱՐՑԱԽ ԵՒ ԾԱՌԱՏՆԿՈՒՄ

Չորեքշաբթի, 26 Փետրուար 2014-ին, նախաձեռնութեամբ Հ. Յ. Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ՋԱՀ (Ջաւախք, Արցախ, Հայաստան) յանձնախումբին տեղի ունեցաւ Արցախի հերոսներուն յիշատակին նուիրուած ծառատնկում՝ դպրոցի շրջափակին մէջ: ՋԱՀ յանձնախումբի անունով խօսք արտասանեց Յակոբ Գառնէշեան, որ նշեց թէ 26 տարի առաջ Արցախի, Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութեան պայքարի եւ արեամբ մկրտուեցաւ…

ՈՏՆԱԳՆԴԱԿԻ ԽԱՂ

Չորեքշաբթի, 12 Փետրուար 2014-ին, Լսարանական Միութիւնը հիւրընկալեց Հայկազեան համալսարանի ոտնագնդակի խումբը: Կէսօրուան ժամը 2:00-ին տեղի ունեցաւ Լսարանական-Հայկազեան ոտնագնդակի խաղը: Աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ հետեւեցան խաղին եւ քաջալերեցին իրենց դպրոցը: Խաղը աւարտեցաւ 7-5 արդիւնքով՝ ի նպաստ Հայկազեանի:

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Չորեքշաբթի, 8 Յունուար 2014-ին, Լսարանական Միութեան դասախօսներն էին Զաւարեան Ուսանողական Միութեան քարոզչական յանձնախումբի անդամներ: Անոնք աշակերտներուն ներկայացուցին Ջաւախքի շրջանը, կլիման, բնակչութեան պատկերը, ուսման դժուարութիւնները, քաղաքական հարցերը, եւայլն: Դասախօսութեան աւարտին, աշակերտներուն առիթ տրուեցաւ լուսաբանական հարցումներու:

ԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՄԱՆՈՐԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ

Երկուշաբթի, 30 Դեկտեմբեր 2013-ին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան ամանորի խրախճանքը, ներկայութեամբ մեծ թիւով աշակերտներու եւ ուսուցիչներու: Կերուխումէ եւ «Bingo»-ի խաղէն ետք սկսաւ պարերու շարանը, եւ ճոխ մթնոլորտը տիրեց սրահէն ներս: Աշակերտները գոհունակութեամբ վերադարձան տուն:

«FRANKFURTER NIGHT»

Լսարանական Միութեան այս տարեշրջանի առաջին խրախճանքը՝ «frankfurter night», տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 13 Նոյեմբեր 2013-ին: Սրահին մուտքը զարդարուած էր «hotdog»-ի նկարներով, իսկ սրահին կեդրոնը վարչութիւնը շտկած էր սեղանները, ուրկէ անցնելով աշակերտները կրնային ընտրել իրենց նախասիրած ճաշերը: Կերուխումէ ետք շուրջպարով սկսաւ պարերու շարանը, եւ ճոխ մթնոլորտը շարունակուեցաւ հայկական ու օտար…

ԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԻՒՐԵՐԸ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԷՆ

Չորեքշաբթի, 13 Նոյեմբեր 2013-ին, Լսարանական Միութեան հիւրերն էին Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի վարիչ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր փրոֆ. Էդիկ Մինասեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մհեր Յովհաննիսեան: Առաջին հերթին խօսք առաւ Մհեր Յովհաննիսեան, որ ներկայացուց Երեւանի պետական համալսարանի պաշտօնական կայքէջը, որ կ’ընդգրկէ…

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Չորեքշաբթի, 23 Հոկտեմբեր 2013-ին Լսարանական Միութիւնը գումարեց իր առաջին ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին միութեան նախագահը՝ Ալիք Գանտահարեան, ներկայացուց միամեայ նախնական ծրագիրը, որ կ՚ընդգրկէ հետեւեալները: Frankfurther night, Կաղանդի խրախճանք, Ձիւնագնացութիւն, Բարեկենդան, Խորովածի երեկոյ, Մուշեղ Իշխանի ծննդեան 100 ամեակի նշում, Զարգացման մրցում,Արցախեան ազատագրութեան նուիրուած ձեռնարկ: Լսարանական Միութեան պատասխանատու Պրն. Վաչէ…

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Չորեքշաբթի, 16 Հոկտեմբեր 2013-ին Լսարանական Միութեան հիւրն էր Ճեմարանի շրջանաւարտ եւ «Tai Ji Chuan»-ի աշխարհի ախոյեան Աւետիս Սերոբեան: Ան մէկ պահուան ընթացքին տեսերիզներու ընդմէջէն ներկայացուց իր մարզաձեւը՝ «Kung Fu Wushu»ն: «Tai Ji Chuan»-ը հիմնուած է հաւասարակշռութեան, ուժի եւ ճկունութեան սկզբունքներու վրայ: Աշակերտները լրջօրէն եւ մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան ներկայացումին:

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Չորեքշաբթի, 9 Հոկտեմբեր 2013-ին Լսարանական Միութեան առաջին դասախօսն էր Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահի եւ Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանի նախկին տնօրէն, արուեստաբան՝ Շահէն Խաչատրեան: Ան «Եղեռնի անդրադարձը հայ գեղանկարչութեան մէջ» բնանիւթը ներկայացուց սահապատկերներու ցուցադրութեամբ, որոնք կ’ակնարկէին 1894-96-ի համիտեան ջարդերուն եւ 1915-ի ցեղասպանութեան: Շահէն Խաչատրեան ներկայացուց նաեւ Այվազովսկիի գործերէն, ապա՝ Վարդգէս Սոըրէնեանցի,…

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ճեմարանի Լսարանական Միութիւնը Չորեքշաբթի, 25 Սեպտեմբեր 2013-ին ընտրեց իր վարչութիւնը հետեւեալ ձեւով. -Ժ. դասարանէն՝ Լեթիսիա Գարտաշեան եւ Ալիք Գամպուրեան -ԺԱ. գրականէն՝ Զոհրապ Մղտեսեան -ԺԱ. գիտականէն՝ Գրիգոր Յակոբեան -ԺԲ. գրականէն՝ Ռիթա Թոքաթլեան -ԺԲ. գիտականէն՝ Շանթ Տէրունեան Մէկ շաբաթ ետք, աշակերտները ընտրեցին Լսարանական Միութեան նախագահը ներկայութեամբ Պրն. Վաչէ Ծատուրեանի։ Լսարանական…

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Չորեքշաբթի, 17 Ապրիլ 2013-ին, տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան 2012-2013 տարեշրջանի երկրորդ եւ վերջին ընդհանուր ժողովը։ Լսարանական Միութեան նախագահ Սերժ Ղարիպեան ներկայացուց միութեան այս տարուան ծրագիրն ու գործունէութիւնը, որուն արժեւորումը կատարուեցաւ երկրորդական դասարաններու աշակերտներուն կողմէ։ Մեծամասնութեամբ իրագործուած են ծրագրին մէջ ընդգրկուած ձեռնարկները։ Վարչութեան գանձապահ Նիկոլ Ալեքսանդրեան ներկայացուց հաշուեկշիռը։ Վարչութեան…