ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ճեմարանի Լսարանական Միութիւնը Հինգշաբթի, 1 Հոկտեմբեր 2015-ին ընտրեց իր վարչութիւնը հետեւեալ ձեւով. -Ժ. դասարանէն՝ Հայկ Աւետիս եւ Նանի Գալուստեան -ԺԱ. գրականէն՝ Քրիստ Բրուտեան -ԺԱ. գիտականէն՝ Յակոբ Թաշճեան -ԺԲ. գրականէն՝ Կրէյս Միսիրեան -ԺԲ. գիտականէն՝ Քրիսթել Յովսէփեան Լսարանական Միութեան աշակերտները 8 Հոկտեմբերին ընտրեցին Լսարանական Միութեան նախագահը ներկայութեամբ Լսարանական Միութեան պատասխանատուներ Պրն. Խաչիկ Հրակ Տէմիրճեանի եւ Պրն. Ճորճ Գրիգորեանի: Լսարանական Միութեան նախագահ ընտրուեցաւ ԺԲ. գրական դասարանէն՝ Կալի Խիւտավերտեան։