ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԸ ՏՕՆԵՑ ԿԱՂԱՆԴԸ

Երկուշաբթի, 23 Դեկտեմբեր 2019-ին, Նախակրթարանի աշակերտները նշեցին Նոր Տարին: Հաւաքոյթին ընթացքին, Դ., Ե. եւ Զ. դասարանի աշակերտները արտասանեցին եւ երգեցին հայերէն, ֆրանսերէն եւ արաբերէն լեզուներով, ինչպէս նաեւ խաղացին տարբեր խաղեր՝ ստեղծելով խանդավառ մթնոլորտ մը: Խրախճանքին աւարտին, սրահէն ներս մտաւ Կաղանդ Պապան, որ իր հետ բերաւ աշակերտներուն նուէրները:

ԿԱՂԱՆԴԸ՝ ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԷՆ ՆԵՐՍ

Երկուշաբթի, 23 Դեկտեմբեր 2019-ին, Տարրական բաժինը կենսուրախ մթնոլորտի մը մէջ տօնեց Կաղանդը: Տեղի ունեցաւ հաւաքական նախաճաշ մը, որմէ ետք աշակերտները ելոյթ ունեցան տօնական երգերով, արտասանութիւններով եւ դասարանային պարերով, ինչպէս նաեւ  մասնակցեցան զանազան խաղերու: Տօնակատարութեան աւարտին, աշակերտները դիմաւորեցին երկար սպասուած Կաղանդ Պապան, որ յաւելեալ ցնծութիւն եւ ուրախութիւն յառաջացուց անոնց…

ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԸ ՏՕՆԵՑ ԿԱՂԱՆԴԸ

Երկուշաբթի, 23 Դեկտեմբեր 2019-ին, Նորսիկեան Մանկապարտէզի փոքրիկները տօնեցին Կաղանդը: Առաւօտեան, փոքրիկները հասան մանկապարտէզ, կերան չիր ու չամիչ, որմէ ետք դուրս եկան բակ, ուր հայկական աւանդական տօնածառին շուրջ, երգերով եւ պարերով դիմաւորեցին Կաղանդ Պապան, ինչպէս նաեւ «Միքին» եւ «Մինի»ն ու միասնաբար նշեցին Նոր Տարին: 

ԱՄԱՆՈՐԵԱՅ ՄԹՆՈԼՈՐՏ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԷՆ ՆԵՐՍ

Ուրբաթ, 20 Դեկտեմբեր 2019-ին, Մանկապարտէզէն ներս տիրեց տօնական մթնոլորտ: Ճեմարանի ծնողական խորհուրդը Կաղանդ պապային եւ ընկերներուն հետ այցելեցին Նորսիկեան Մանկապարտէզ, ուր փոքրիկներուն հետ երգեցին ու պարեցին: Ծնողական խորհուրդը երեխաներուն բաժնեց կարկանդակով, կրկնեփուկով եւ հիւթով լեցուն տոպրակներ: Յայտագրի աւարտին, աշակերտները դիտեցին ամանորեայ տիկնիկային ներկայացում մը:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «IRAP» ԿԵԴՐՈՆ

Ընկերային կազմաւորման ծրագրի ծիրէն ներս, Չորեքշաբթի, 18 Դեկտեմբեր 2019-ին, Միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները, ընկերակցութեամբ դպրոցին ընկերային ծառայողին եւ կարգ մը ուսուցիչներու, այցելեցին «IRAP» (Institut de Rééducation Audio-Phonétique) խուլ-համր աշակերտներու մասնագիտական դպրոցը, իրենց հետ տանելով նուէրներ (տուրմ, կրկնեփուկ, քաղցրաւենիք, եւ այլն.): Աշակերտները երբ հասան «IRAP», կէս ժամնոց զբօսանք մը…

«THE NUTCRACKER» ՊԱԼԷԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Տօնական օրերուն ընդառաջ, Հինգշաբթի, 12 Դեկտեմբեր 2019-ին, Տարրականի Ա., Բ. եւ Գ. եւ Նախակրթարանի Դ., Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտները ներկայ գտնուեցան Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներուն կազմակերպած «The Nutcracker» Պալէի ներկայացման աշակերտական ելոյթին: Պէտք է նշել, որ ներկայացման պարողներուն շարքին էին մեծ թիւով ճեմարանական աշակերտներ, որոնք կրցան իրենց դասընկերներն…

ՀՅԴ ԲՒԻՐՈՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 12 Դեկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան Ճեմարան այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Տնօրէնութեան հետ կարճատեւ հանդիպումէ մը ետք, ան տեսակցեցաւ երկրորդական բաժինի աշակերտութեան հետ: Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, աւարտական դասարանէն Արին Կիւլլիւճեան աշակերտութեան անունով խօսք առաւ եւ ըսաւ.  «Երկրորդական բաժինի աշակերտներս Ճեմարանի մէջ…

ՍԵՌԱՅԻՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Չորեքշաբթի, 11 Դեկտեմբեր 2019-ին, դպրոցին հիւանդապահուհին եւ ընկերային ծառայողը մտան Նախակրթարանի Ե. դասարանները եւ աշակերտներուն խօսեցան տարիքային կազմաւորման եւ մաքրութեան ու առողջ կեանքի անհրաժեշտութեան մասին: Սեռային դաստիարակութեան ծրագիրի ծիրէն ներս ընդհանուր գիտելիքներ եւ տեղեկութիւններ ստանալէ ետք, աշակերտները խմբուեցան ըստ սեռի եւ ստացան գիտելիքներ՝ երկրորդական սեռային յատկանիշերու մասին: 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԳԵՐԱԶԱՆՑ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Զաւարեան Ուսանողական գրասենեակին,  Ուրբաթ, 6 Դեկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական երկրորդական վարժարաններու գերազանց աշակերտներու պարգեւատրման հանդիսութիւնը: Ճեմարանի պարգեւատրուող աշակերտներն են. Գիտական ճիւղէն՝ Լէա Խաչատուրեան, Կալի Միսիրեան, Նարեկ Մեսրոպեան, Սիմոն Միքայէլեան: Գրական ճիւղէն՝ Վանա Պաքալեան, Պեթի Փաչանեան, Մարի-Քրիսթել Աճեմեան:…

ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ «MODEL EUROPEAN UNION»-Ի

Կիրակի, 1 Դեկտեմբեր 2019-ին, LAU համալսարանին մէջ, 2019-2020 տարեշրջանի MEU-ի (Model European Union) մասնակից ԺԱ. դասարանի աշակերտներու պատուիրակութիւնը ներկայ գտնուեցաւ առաջին դասընթացին: Այս ծրագրին ընթացքին, Լիբանանի տարբեր դպրոցներէ եկած աշակերտներ պիտի խորացնեն իրենց գիտելիքները Եւրոպական Միութեան մասին եւ պիտի զարգացնեն փնտռտուքի, դիւանագիտական յարաբերութեան, հանրային հրապարակախօսութեան եւ շտապ վիճակներու…

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ-ԶՐՈ3Ց

Ընկերային կազմաւորման ծրագրի ծիրէն ներս, Ճեմարանի շրջանաւարտ Կալի Խիւտավերտեան (շրջանաւարտ՝ A.U.B. հոգեբանութեան մասնագիտութիւն) Երկուշաբթի, 25 Նոյեմբեր 2019-ին, միջնակարգի Է.  եւ Ը. դասարանի աշակերտներուն հետ արծարծեց հետեւեալ նիւթերը՝ 13-14 տարեկան պատանիներու ընկերային փոխյարաբերութիւններ, ընկերային ցանցերու ազդեցութիւնը իրենց կեանքին մէջ, «cyber bullying», եւայլն:

ԹՈՒԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԱՊԱՀ ՄԸ

Թուաբանութեան աշխատանքներու ծիրէն ներս, Ա. դասարանի աշակերտներէն իւրաքանչիւրը կը բացատրէ իր սորված դասը՝ գտնել կորսուած թիւերը: