ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «IRAP» ԿԵԴՐՈՆ

Ընկերային կազմաւորման ծրագրի ծիրէն ներս, Չորեքշաբթի, 18 Դեկտեմբեր 2019-ին, Միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները, ընկերակցութեամբ դպրոցին ընկերային ծառայողին եւ կարգ մը ուսուցիչներու, այցելեցին «IRAP» (Institut de Rééducation Audio-Phonétique) խուլ-համր աշակերտներու մասնագիտական դպրոցը, իրենց հետ տանելով նուէրներ (տուրմ, կրկնեփուկ, քաղցրաւենիք, եւ այլն.):

Աշակերտները երբ հասան «IRAP», կէս ժամնոց զբօսանք մը անցուցին կեդրոնին աշակերտներուն հետ: Անոնք ծանօթացան իրարու, միասին խաղացին եւ հաճելի ժամանակ անցուցին: Ոմանք հասան նոյնիսկ սորվելու նշաններու լեզուով բառեր: 

Զբօսանքի աւարտին, «IRAP»-ի աշակերտները բարձրացան իրենց դասարանները, իսկ Ճեմարանի աշակերտները շրջեցան կեդրոնին աշխատանոցին մէջ եւ տեսան դպրոցին շրջանաւարտներուն կողմէն պատրաստուած զանազան առարկաներն ու զարդեղէնները, որոնց վաճառքով կ’ապահովուի դպրոցին եկամուտը: Ապա, կեդրոնի տնօրէնուհին Սիմոն Մուպարաք տեսերեզի մը միջոցով աշակերտներուն ներկայացուց «IRAP»ի պատմականը, անոր առաքելութիւններն ու կատարուող աշխատանքները:

Տնօրէնուհիին ներկայացումէն ետք, աշակերտները շրջեցան դպրոցէն ներս: Անոնք մտան մատուռը, ինչպէս նաեւ այցելեցին դասարան մը եւ մօտէն ծանօթացան դժուարութիւն ունեցող աշակերտներուն աշխատելաձեւին: Տեղի ունեցաւ կրկնեփուկի հիւրասիրութիւն «IRAP»ի խոհանոցին կողմէն:

Աշակերտները դպրոց վերադարձան իրենց մտքին մէջ կոտրելով որոշ կարծրատիպեր՝ խուլ եւ համր մարդկանց մասին: