ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԳԵՐԱԶԱՆՑ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Զաւարեան Ուսանողական գրասենեակին,  Ուրբաթ, 6 Դեկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական երկրորդական վարժարաններու գերազանց աշակերտներու պարգեւատրման հանդիսութիւնը:

Ճեմարանի պարգեւատրուող աշակերտներն են.

Գիտական ճիւղէն՝ Լէա Խաչատուրեան, Կալի Միսիրեան, Նարեկ Մեսրոպեան, Սիմոն Միքայէլեան: Գրական ճիւղէն՝ Վանա Պաքալեան, Պեթի Փաչանեան, Մարի-Քրիսթել Աճեմեան:

Կը շնորհաւորենք մեր շրջանաւարտները եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք իրենց:

Պարգեւատրման հանդիսութեան մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: