«THE NUTCRACKER» ՊԱԼԷԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Տօնական օրերուն ընդառաջ, Հինգշաբթի, 12 Դեկտեմբեր 2019-ին, Տարրականի Ա., Բ. եւ Գ. եւ Նախակրթարանի Դ., Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտները ներկայ գտնուեցան Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներուն կազմակերպած «The Nutcracker» Պալէի ներկայացման աշակերտական ելոյթին: Պէտք է նշել, որ ներկայացման պարողներուն շարքին էին մեծ թիւով ճեմարանական աշակերտներ, որոնք կրցան իրենց դասընկերներն ու տարեկիցները կտրել իրենց դպրոցական առօրեայէն եւ անոնց պարգեւել տօնական ջերմ մթնոլորտ:

Նկարները առնուած են Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներուն ֆէյսպուքեան էջէն: