ՍԵՌԱՅԻՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Չորեքշաբթի, 11 Դեկտեմբեր 2019-ին, դպրոցին հիւանդապահուհին եւ ընկերային ծառայողը մտան Նախակրթարանի Ե. դասարանները եւ աշակերտներուն խօսեցան տարիքային կազմաւորման եւ մաքրութեան ու առողջ կեանքի անհրաժեշտութեան մասին: Սեռային դաստիարակութեան ծրագիրի ծիրէն ներս ընդհանուր գիտելիքներ եւ տեղեկութիւններ ստանալէ ետք, աշակերտները խմբուեցան ըստ սեռի եւ ստացան գիտելիքներ՝ երկրորդական սեռային յատկանիշերու մասին: