ՀՅԴ ԲՒԻՐՈՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 12 Դեկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան Ճեմարան այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Տնօրէնութեան հետ կարճատեւ հանդիպումէ մը ետք, ան տեսակցեցաւ երկրորդական բաժինի աշակերտութեան հետ:

Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, աւարտական դասարանէն Արին Կիւլլիւճեան աշակերտութեան անունով խօսք առաւ եւ ըսաւ.  «Երկրորդական բաժինի աշակերտներս Ճեմարանի մէջ արդէն կը պատրաստուինք ազգային կեանքի մէջ գործօն դերեր ստանձնելու Լսարանական Միութեան ճամբով, առ այդ հպարտութեամբ կ’ողջունենք ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը», ապա հրաւիրեց զայն իր պատգամը փոխանցելու աշակերտութեան: 

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը անդրադարձաւ մանսաւորաբար աշակերտութեան ազգային պարտաւորութեան, «ես»էն անդին գործելու հրամայականին: Ան ըսաւ, որ հայոց պատմութեան ընթացքին Հայաստան տուժած է զանազան տիրապետութիւններէ, սակայն ցեղասպանութենէն ետք շնորհիւ հերոսական կռիւներու իրագործուած են հրաշքի համազօր մայիսեան փառապանծ յաղթանակը եւ աւելի ուշ՝ Արցախի ազատագրումը: Ան շեշտեց հայրենիքին օժանդակելու կարեւորութիւնը, թելադրեց գուրգուրալ եւ թիկունք կանգնիլ մեր երկու պետականութիւններուն եւ ձգտիլ Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման։

Ան սպառիչ կերպով բացատրութիւններ տուաւ ՀՅԴ գլխաւոր նպատակներուն մասին՝ հայապահպանում, հայակերտում եւ հայ դատ: Ի վերջոյ թելադրեց աշակերտներուն անպայման տէր կանգնիլ հայերէն լեզուին, ազգին ծառայել եւ շարունակել սկսուած գործը:

Հանդիպման աւարտին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն: