ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ «MODEL EUROPEAN UNION»-Ի

Կիրակի, 1 Դեկտեմբեր 2019-ին, LAU համալսարանին մէջ, 2019-2020 տարեշրջանի MEU-ի (Model European Union) մասնակից ԺԱ. դասարանի աշակերտներու պատուիրակութիւնը ներկայ գտնուեցաւ առաջին դասընթացին:

Այս ծրագրին ընթացքին, Լիբանանի տարբեր դպրոցներէ եկած աշակերտներ պիտի խորացնեն իրենց գիտելիքները Եւրոպական Միութեան մասին եւ պիտի զարգացնեն փնտռտուքի, դիւանագիտական յարաբերութեան, հանրային հրապարակախօսութեան եւ շտապ վիճակներու ատեն ճիշդ լուծումներ որոնելու իրենց ունակութիւնները:

Այս նախաձեռնութեան մասնակցող աշակերտներն են՝ Սինթիա Պայրաքտարեան, Ցոլեր Գէորգեան, Արփի Պապիկեան, Ճոն Ժըհայեմ եւ Վարագ Կէօզիւպէօյիւքեան, որոնց կ’ընկերակցի ԺԲ. դասարանէն Ռուբէն Խաչատուրեան:

Սինթիա Պայրաքտարեան

ԺԱ. դասարան