ԱՄԱՆՈՐԵԱՅ ՄԹՆՈԼՈՐՏ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԷՆ ՆԵՐՍ

Ուրբաթ, 20 Դեկտեմբեր 2019-ին, Մանկապարտէզէն ներս տիրեց տօնական մթնոլորտ: Ճեմարանի ծնողական խորհուրդը Կաղանդ պապային եւ ընկերներուն հետ այցելեցին Նորսիկեան Մանկապարտէզ, ուր փոքրիկներուն հետ երգեցին ու պարեցին: Ծնողական խորհուրդը երեխաներուն բաժնեց կարկանդակով, կրկնեփուկով եւ հիւթով լեցուն տոպրակներ: Յայտագրի աւարտին, աշակերտները դիտեցին ամանորեայ տիկնիկային ներկայացում մը: