ԿԱՂԱՆԴԸ՝ ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԷՆ ՆԵՐՍ

Երկուշաբթի, 23 Դեկտեմբեր 2019-ին, Տարրական բաժինը կենսուրախ մթնոլորտի մը մէջ տօնեց Կաղանդը: Տեղի ունեցաւ հաւաքական նախաճաշ մը, որմէ ետք աշակերտները ելոյթ ունեցան տօնական երգերով, արտասանութիւններով եւ դասարանային պարերով, ինչպէս նաեւ  մասնակցեցան զանազան խաղերու: Տօնակատարութեան աւարտին, աշակերտները դիմաւորեցին երկար սպասուած Կաղանդ Պապան, որ յաւելեալ ցնծութիւն եւ ուրախութիւն յառաջացուց անոնց մօտ: Աշակերտները տուն մեկնեցան նուէրներով: