ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԿԵԴՐՈՆ
Երկուշաբթի, 10 Ապրիլ 2017-ի առաւօտեան Ճեմարանի ԺԱ. դասարանի աշակերտները այցելեցին Զուարթնոց կեդրոն՝ ընկերակցութեամբ դպրոցի ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեանի։ Աշակերտները ջերմ ու հարազատ մթնոլորտի մէջ միասնաբար Զատիկ տօնեցին: Տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն մասնակցեցան Ճեմարանի աշակերտները խմբային պարով եւ նուագով, իսկ Զուարթնոցի աշակերտները՝ թատերական ներկայացումով: Այնուհետեւ տիրեց խնճոյքի մթնոլորտ,…