ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿԵՆԴԱՆԱԲԱՆԱԿԱՆ ՊԱՐՏԷԶ

Ուրբաթ, 5 Մայիս 2017-ին մանկապարտէզի կապոյտ դասարանի աշակերտները այցելեցին Նահր Քելպի կենդանաբանական պարտէզը, ուր դիտեցին անասունները եւ ստացան իւրաքանչիւր անասունի համապատասխան բացատրութիւններ։ Անոնք հաճելի ժամանակ անցուցին եւ ուրախ ու խանդավառ վերադարձան դպրոց։  

ԱՆՏՐՈՒ ԳԱՐԱՄԻՆԱՍԵԱՆ՝ ՈՍԿԷ ՄԵՏԱԼԱԿԻՐ ԼԻԲԱՆԱՆԻ «TAEKWONDO»Ի ՏԱՐԻՔԱՅԻՆ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ

Կը շնորհաւորենք Ը. դասարանի աշակերտներէն Անտրու Գարամինասեանը, որ 6-7 Մայիս 2017 շաբաթավերջին, Մոն Լա Սալի մէջ տեղի ունեցած «Taekwondo» -ի սեւ գօտիներու մրցաշարքին շահեցաւ Լիբանանի ախոյեանութիւնը եւ դարձաւ ոսկէ մետալակիր:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԶՄՄԱՌՈՒ ՎԱՆՔ

Ուրբաթ, 28 Ապրիլ 2017-ին, ԺԱ. դասարանի աշակերտները այցելեցին Զմմառու վանքը, որ գոյութիւն ունի 1749 թուականէն: Աշակերտները նախ ուղղուեցան դէպի մատուռ, ուր լսեցին հայր Մովսէսի բացատրութիւնները վանքի հիմնադրութեան մասին: Ապա անոնք այցելեցին վանքի երկու թանգարանները, ուր ստացան տեղեկութիւններ հոն տեղադրուած իրերուն մասին: Ապա հայր Մաշտոցին ընկերակցութեամբ շրջեցան դպրեվանքին մէջ…

Թ. ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԴԱՍԵՐՈՒ ԱՒԱՐՏ

Չորեքշաբթի, 3 Մայիս 2017-ին, միջնակարգի Թ. դասարաններու աշակերտներուն դպրոցական տարեշրջանը աւարտեցաւ։ Կէսօրուան ժամը 1։00-ին, աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Նորսիկեան մանկապարտէզի պարտէզը, ուր միասնաբար ճաշեցին: Հաճելի ժամ մը անցընելէ ետք, աշակերտները մեկնեցան դպրոցէն՝ պատրաստուելու համար պետական քննութիւններուն։ Յաջողութիւն կը մաղթենք բոլորին։

«Ո՞Վ Է ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԸ»

Դպրոցական տարիներուն ընթացքին, մեր դասագիրքերուն ընդմէջէն ծանօթացանք բազմաթիւ հեղինակներու: Հաճոյքով ուսումնասիրեցինք եւ ընթերցեցինք անոնց գրութիւնները եւ իւրաքանչիւրին կենսագրութիւնը. «մեռած է, նահատակուած է» բառերը յաճախ կը կրկնուէին: Ենթադրեցինք որ գրողներուն գործերը կը հրատարակուին անոնց մահէն ետք միայն: Հայերէնի դասապահուն, երբ ընթերցեցինք գրագէտ Պօղոս Սնապեանի «Առաջին Անձրեւը» գրութիւնը, իմացանք որ…

«ՊԶՏԻԿ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑ»

«Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմին նախաձեռնութեամբ, «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի 15-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ «Պզտիկ լրագրողներու աշխատանոց»-ը Կիրակի, 30 Ապրիլ 2017-ին, «Փիւնիկ» սրահին մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00: Հայկական 17 վարժարաններու նախակրթարանի աշակերտներ մասնակցեցան այս նախաձեռնութեան: Ճեմարանի մասնակից աշակերտներն էին. Կլօրիա Ժալըֆեան, Սանան Քէշիշեան, Ալիք Թեմպէլեան,…

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ

Ճեմարանի ընկերային ծառայողն ու հիւանդապահուհին տարրական բաժինի բոլոր դասարաններէն ներս առողջապահական նիւթեր արծարծեցին աշակերտներուն հետ: 

«DICTEE-PLAISIR»

Հինգշաբթի, 28 Ապրիլ 2017-ին, Ճեմարանի աշակերտներէն խումբ մը մասնակցեցաւ Սէն Ժոզէֆ համալսարանի (Université Saint-Joseph) կազմակերպած «Dictée-plaisir» մրցանքին: Ե. դասարանէն մինչեւ ԺԱ. դասարանի աշակերտներ, ընկերակցութեամբ ֆրանսերէն լեզուի իրենց ուսուցիչներուն, ներկայացան շատ դաստիարակիչ այս աշխատանքին:

ՏԵՍՆԵՆՔ ՈՒ ԽՕՍԻՆՔ (Show and tell)

Ընկերային ծառայութեան գրասենեակին կազմակերպութեամբ բանաւոր արտայայտութիւնը զարգացնելու ծրագիր մը մշակուեցաւ: Ապրիլ ամսուան ընթացքին ծրագիրը գործադրութեան դրուեցաւ նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտներուն հետ: Իւրաքանչիւր աշակերտ նիւթի մը մասին պիտի խօսի միայն մէկ վայրկեան՝ նախապէս զայն պատրաստած, առանց գրելու, միայն կէտեր ունենալով իրեն հետ: Այդ աշակերտը իր նիւթը պիտի ներկայացնէ լեզուական…

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 102 ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ ԵՒ ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ

Երեքշաբթի, 25 Ապրիլ 2017-ին, ԺԱ. դասարանի աշակերտներուն կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտներուն հայոց Ցեղասպանութեան 102 ամեակի ոգեկոչումը: Ձեռնարկը վարեցին ԺԱ. դասարանէն Սելին Տաքեսեան եւ Ռազմիկ Տէրունեան՝ յայտագրին ընթացքին հայ գրագէտներու ոգեշունչ խօսքեր արտասանելով: Բացման խօսքը ընթերցեցին ԺԱ. դասարանէն Նանի Գալուստեան եւ Լոռի Գորեսեան: Հայոց ցեղասպանութենէն…

ՅԱՐԳԱՆՔ՝ ՆԱՀԱՏԱԿ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ

Երեքշաբթի, 25 Ապրիլ 2017-ին, տարրական բաժինի աշակերտները մոմեր վառեցին ու ծաղիկներ զետեղեցին դպրոցի մուտքին՝ նահատակ մտաւորականներուն բարձրաքանդակներուն առջեւ

ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿԸ

Երեքշաբթի, 25 Ապրիլ 2017-ի առաւօտեան, տեղի ունեցաւ նախակրթարանի աշակերտներուն ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկը, Ճեմարանի «Չալեան» սրահէն ներս: Զ. դասարանի աշակերտ Ճորճ Տէմիրճեան ընթերցեց բացման խօսքը, ապա օրուան պատգամը փոխանցեց Աշոտ Բագրատունի, որ պատմական արագ ակնարկէ մը ետք, զրոյց-դասախօսութեամբ անդրադարձաւ «Նեմեսիս» գործողութեան, որուն նպատակն էր պատժել թուրք ոճրագործները, ապա բացատրեց,…