Թ. ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԴԱՍԵՐՈՒ ԱՒԱՐՏ

Չորեքշաբթի, 3 Մայիս 2017-ին, միջնակարգի Թ. դասարաններու աշակերտներուն դպրոցական տարեշրջանը աւարտեցաւ։ Կէսօրուան ժամը 1։00-ին, աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Նորսիկեան մանկապարտէզի պարտէզը, ուր միասնաբար ճաշեցին:

Հաճելի ժամ մը անցընելէ ետք, աշակերտները մեկնեցան դպրոցէն՝ պատրաստուելու համար պետական քննութիւններուն։

Յաջողութիւն կը մաղթենք բոլորին։