ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԶՄՄԱՌՈՒ ՎԱՆՔ

Ուրբաթ, 28 Ապրիլ 2017-ին, ԺԱ. դասարանի աշակերտները այցելեցին Զմմառու վանքը, որ գոյութիւն ունի 1749 թուականէն:

Աշակերտները նախ ուղղուեցան դէպի մատուռ, ուր լսեցին հայր Մովսէսի բացատրութիւնները վանքի հիմնադրութեան մասին: Ապա անոնք այցելեցին վանքի երկու թանգարանները, ուր ստացան տեղեկութիւններ հոն տեղադրուած իրերուն մասին: Ապա հայր Մաշտոցին ընկերակցութեամբ շրջեցան դպրեվանքին մէջ եւ դիտեցին տեսերիզ մը ու ծանօթացան դպրեվանքի առօրեային:

Վերջապէս, փոքրիկ հիւրասիրութենէ մը ետք, աշակերտները վերադարձան դպրոց՝ ազգային հարստութեան մը մասին նոր գիտելիքներով հարստացած:

Նանի Գալուստեան

ԺԱ. դասարան