Միջնակարգի Ը. դասարանի աշակերտները Երկուշաբթի 30 եւ Երեքշաբթի 31 Մարտ 2026-ին մեծ հետաքրքրութեամբ ներկայացուցին «Զատկուան խորհուրդը» բնաբանով իրենց պատրաստած խոյզերը։
Աշակերտները անդրադարձան Աւագ Շաբթուան ընթացքին կատարուող եկեղեցական արարողութիւններուն՝ բացատրելով իւրաքանչիւր օրուան խորհուրդը եւ հոգեւոր նշանակութիւնը։ Անոնք ներկայացուցին նաեւ Զատկուան տօնին գեղեցիկ սովորութիւնները, հարուստ աւանդութիւնները եւ ժողովրդական երգերը, որոնք դարերէ ի վեր մաս կը կազմեն մեր ազգային ու կրօնական կեանքին։
Խոյզերուն ընթացքին աշակերտները տեղեկացան նաեւ Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճարին մէջ տեղի ունեցող սրբազան կրակի արարողութեան մասին՝ մեծ հետաքրքրութեամբ ունկնդրելով անոր խորհուրդն ու առանձնայատուկ նշանակութիւնը։
Յատկապէս կարեւոր տեղ գրաւեց Զատկուան գլխաւոր խորհրդանիշը՝ հաւկիթը, որ կը խորհրդանշէ կեանքի յաղթանակը։ Աշակերտները խանդավառութեամբ խօսեցան նաեւ հաւկթամարտի սովորութեան մասին՝ ներկայացնելով անոր իմաստն ու ուրախ մթնոլորտը։
Այս խոյզը եղաւ արժէքաւոր առիթ մը իբրեւ հայ եւ քրիստոնեայ աշակերտներ աւելի խորապէս հասկնալու Զատկուան խորհուրդը, ամրապնդելու իրենց հաւատքն ու ինքնութիւնը, եւ գիտակցաբար պահելու ու պահպանելու մեր գեղեցիկ աւանդութիւնները։
