ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 111-ԱՄԵԱԿԻ ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ

Հինգշաբթի, 23 Ապրիլ 2o26-ին միջնակարգի եւ երկրորդական բաժինի Ժ. դասարանի աշակերտները Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ներկայ գտնուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 111-ամեակի աշակերտական հաւաքին,  Նահատակաց յուշարձան-մատուռին դիմաց։ Հաւաքին ընթացքին աշակերտական խօսքը ընթերցեց Ժ. դասարանի աշակերտուհի՝ Ալիք Ղազար:

Դպրոց վերադառնալէ ետք, վերջին պահուն տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան 111-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկը «Գարագաշեան» սրահին մէջ: