ԴԷՊԻ ՎԱՆԻ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Ե. դասարանի աշակերտներուն հետ այսօր ունեցանք պատմական հետաքրքրական ճամբորդութիւն մը դէպի պատմութեան խորքերը, դէպի Վանի թագաւորութիւն, որ հզօրագոյնն էր հին աշխարհի մէջ։
Աշակերտները ներկայացուցին Մենուա եւ Արգիշտի թագաւորներուն գահակալութեան շրջանը, անոնց եռանդուն գործունէութիւնը` առանձնացնելով Մենուայի ջրանցքի կառուցումը եւ Արգիշտի արքայի Էրեբունի ամրոցի հիմնումը։
Աշակերտները փոքրիկ բեմադրութեամբ խօսեցան նաեւ ուրարտական հարսանեկան ծէսի մասին։
Ձեռնարկը եզրափակեցինք Էրեբունի-Երեւան երգով։