Ի՞ՆՉ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵԼ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՑԱՆՑԵՐՈՒ ՎՐԱՅ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Ուրբաթ 27 Մարտ 2026-ին, Ճեմարանի շրջանաւարտ  Արամ Սոմունճեան «Համացանցի տեղադրումներ» նիւթը ներկայացուց Ե. դասարանի աշակերտներուն։
Ան շեշտեց մանաւանդ, որ ինչ որ կը տեղադրենք համացանցի վրայ, մեր սեփականութիւնը չէ այլեւս։ Եթէ սխալինք, շատ լուրջ հետեւանքներ կրնանք կրել, ուրեմն զգոյշ եւ զուսպ ձեւով գործածենք համակարգիչը։
Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ մասնակցեցան իրենց առօրեային հետ շատ առնչուող այս նիւթին։