ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ

Չորեքշաբթի, 11 Մարտ 2026-ին, Հայաստանի AUA համալսարանի ընդունման գրասենեակի տնօրէն Մեղրի Խօշեան ԺԱ. դասարանի աշակերտներուն ներկայացուց AUA համալսարանը, տարբեր մասնագիտութիւնները, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ կրթաթոշակներուն, զեղչի դրութեան եւ Հայաստան ապրելու կարելիութիւններուն մասին: