Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Չորեքշաբթի 1 Ապրիլ 2026-ին տեղի ունեցաւ նախակրթարանի «Talent show»-ն, որ կ’ընդգրկէր պար, ասմունք, երգ, նուագ, նկարչութիւն եւ այլ բնագաւառներ:
Ձեռնարկին ներկայ էին նախակրթարանի բոլոր աշակերտները, ուսուցիչները, տարրական բաժինէն եւ միջնակարգէն աշակերտներ, որոնք խանդավառութեամբ կը քաջալերէին մասնակիցները:
Դատական կազմին անդամներն էին Արազ Գարաօղլանեան, Արին Կիւլլիւճեան, Ռալֆ Քէօշկէրեան եւ Մուշեղ Գարավարդանեան: Անոնք իրենց ցուցմունքներով եւ քաջալերական խօսքերով գնահատեցին մասնակիցները:
Աւարտին, բոլոր մասնակիցները ստացան վկայագիրներ: Այսպէս, ճոխ եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ, աշակերտները մեկնեցան Զատկուան արձակուրդի:
