Լաւ ընկերը այն անձն է, որ մտիկ կ’ընէ, կ’օգնէ, կը հանդուրժէ, կ’ընդունի, կը ներէ, կը քաջալերէ, ճշմարտախօս է, արդար է ու վստահելի…
Այսպէս, հայերէն լեզուի դասապահուն, «Տարբեր-տարբեր լեզուներ» բնաբանի ծիրէն ներս, նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները քննարկեցին լաւ ընկերոջ յատկութիւնները, զրուցեցին, ապա միասին ամբողջացուցին ձեռային աշխատանքը եւ համաձայնեցան դառնալ բոլոր ժամանակներու ընկերներ:
