Երեքշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2023-ին, միջնակարգի Է. եւ Ը. դասարաններու աշակերտները որոշեցին նշել Լիբանանի անկախութեան տօնը եւ իւրայատուկ օր մը անցընել իրենց երկրին աւանդութիւնները եւ մշակոյթը վերակենդանացնելով:
Ձեռնարկին ընթացքին աշակերտները ցուցադրեցին իրենց պատրաստած աշխատանքները լիբանանեան գիւղերու սովորութիւններուն եւ աւանդութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ՝ պահածոյ թէ այլ ուտելիքներու տեսականին: Անոնք համտեսեցին լիբանանեան ուտելիքներ, պարեցին ազգագրական «տապքէ»ն եւ հաճելի ժամանակ անցուցին իրենց ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ լիբանանեան աւանդական սիրուած երգերու ունկնդրութեամբ:
