Ընկերային կազմաւորման ծրագրի ծիրէն ներս, տարրական բաժինի Գ. դասարանի աշակերտներուն հետ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն-զրոյց մը բռնադատումի մասին: Աշակերտները ստեղծեցին տիպար մը, որուն հանդէպ բռնադատում կատարեցին թէ՛ խօսքով, թէ՛ ֆիզիքապէս: Անոնք թուղթի մը վրայ խօսքեր գրեցին, ապա ճմռթկեցին զայն: Յետոյ երբ թուղթը փորձեցին վերստին շտկել, անդրադարձան, որ երբ արարք մը կը գործեն ետդարձ չկայ, քանի որ անիկա անպայման իր հետքը կը ձգէ եւ եզրակացուցին, որ երբ մէկու մը վնաս կը հասցնեն, այդ մէկը ընդմիշտ կը մնայ անոր հոգւոյն մէջ, հետեւաբար պէտք է զգոյշ ըլլալ փոխյարաբերութիւններուն ընթացքին:
ԲՌՆԱԴԱՏՈՒՄ (BULLYING)
