ԼԵՌՆԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԴԷՊԻ ԱՐԱՐԱՏ

Միջնակարգի Ը. դասարանի հայերէն լեզուի հատուածներէն Գրիգոր Զօհրապի «Ալպեաններն ի վեր» դասին կապակցութեամբ` Չորեքշաբթի, 15 Նոյեմբեր 2023-ին, աշակերտները իրենց հայերէնի դասապահուն հանդիպում ունեցան Արարատ լեռ բարձրացած` ճեմարանաւարտ Սագօ Եագուպեանին հետ: Ան նախ խօսեցաւ լեռնագնացութեան, լեռնագնացներու ֆիզիքական պատրաստութեան մասին եւ հեռարձակումով ցոյց տուաւ լեռնագնացներու օգտագործած իրերը: Ապա պատմեց դէպի Արարատ լեռ մագլցելու իր դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ զգացումներուն մասին:

Աշակերտները հետաքրքրութեամբ լսեցին զինք եւ զանազան հարցումներ ուղղեցին: Դասապահու աւարտին, անոնք ալ նոյն ոգեւորութեամբ որոշեցին անպայման բարձրանալ Արարատ լեռ ու պարզել եռագոյնը անոր գագաթին: