Կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, Երկուշաբթի, 4 Դեկտեմբեր 2023-ին, Համազգայինի մանկավարժական արդիական ծրագիրներու պատասխանատու Արին Գալուստեան, տարրական բաժինի Ա., Բ. եւ Գ. դասարանի աշակերտներուն բացատրութիւններ տուաւ խաղի անհրաժեշտութեան եւ խաղերու տեսակներուն մասին՝ պարզ խաղերէն մինչեւ նորարար խաղերը։ Ապա ան անդրադարձաւ համակարգչային խաղերուն եւ վերջապէս անոնց ծանօթացուց Համազգայինի Լալան ու Արան մանկական խաղերու շարքը։
Աշակերտները ուրախութեամբ եւ մեծ հետաքրքրութեամբ մտիկ ըրին եւ ուղղեցին լուսաբանական հարցումներ։
