Կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակին, ընկերային կազմաւորման եւ կեանքի հմտութիւններ ծրագրի ծիրին մէջ, Չորեքշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2023-ին, տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն-զրոյցներու շարք մը նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներուն հետ: Դասախօսներն էին Հայկազեան համալսարանի senior դասարանի աշակերտներ՝ Ալեակ Մոմճեան (մասնագիտութիւն՝ special education) եւ Սեւակ Հապէշեան (մասնագիտութիւն՝ psychology): Արծարծուեցան հոգեբանական եւ ընկերային տարբեր նիւթեր հետեւեալ ձեւով.
«Ճանչնալ ու յարգել մարմինը»՝ Դ. դասարան
«Ընկերական ազդեցութիւնը եւ ճնշումը» (peerpressure)՝ Ե. դասարան
«Արբունքի տարիքը» ՝Զ. դասարան
«Մոլութիւններ»՝ Է. դասարան
«Ինքնահամարում»՝ Ը. դասարան
«Մտերիմ յարաբերութիւններ»՝ Թ. դասարան:
Աշակերտները մասնակցեցան զրոյցներուն եւ իրազեկ եղան շատ մը ընկերային հարցերու, որոնք գոյութիւն ունին իրենց առօրեային մէջ:
