Կազմակերպութեամբ Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութեան, Ուրբաթ, 1 Դեկտեմբեր 2023-ին, առաւօտեան ժամը 7:45-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 12:45, տեղի ունեցաւ մասնագիտական վերաորակաւորում դպրոցին բոլոր բաժիններու ուսուցիչներուն եւ պաշտօնէութեան մասնակցութեամբ։
Աշխատանոցին հիւր մասնագէտներէն Լուիզա Պապոյեան-Ազէզեան ներկայացուց «Մասնագիտական բարոյագիտութիւն» նիւթը, իսկ Արմէն Պալեան` «Հակամարտութիւններու լուծում» նիւթը։ Ներկայացումները փոխներգործօն էին, ներկաները մասնակցեցան իրենց հարցումներով եւ տեսակէտները պարզելով։
Աւարտին, ներկաները գոհունակութեամբ մեկնեցան, հաստատելով, որ նման հանդիպումներ անհրաժեշտ են կրթական գործի յաջողութեան համար։
