2020-2021 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՆՈՒԻՐԱՀԱՒԱՔԻ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ
Միշտ Ճեմարանի կողքին՝ երթը կը շարունակուի: Նախորդ ամիսներուն մեր դիմաց հանդիսացած աննկարագրելի դժուարութիւնները կարելի պիտի չըլլար շրջանցել առանց Ճեմարանի մեծ ընտանիքին նեցուկին եւ օժանդակութիւններուն: Աշխարհասփիւռ ճեմարանականներ, ծնողներ, բարեկամներ ու բարերարներ ճիգ չխնայեցին, մնայուն մեր կողքին եղան եւ սատար հանդիսացան Ճեմարանին ու Ճեմարանականին: Շնորհակալութիւն բոլորին: …