ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ-ԶՐՈՅՑ

Ընկերային կազմաւորման ծրագրի ծիրէն ներս, Չորեքշաբթի, 3 Նոյեմբեր 2021-ին, հոգեբան Սեւանա Թօփալեան միջնակարգի Ը. դասարանի աշակերտներուն  հետ արծարծեց «բռնադատում» (Bullying) նիւթը:

Աշակերտները մասնակցեցան զրոյցին, իրենց հետ պատահած հարցեր բաժնեցին իրենց ընկերներուն հետ եւ ստացան անհրաժեշտ լուսաբանութիւնները: