ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՃԵՄԱՐԱՆ

Երկուշաբթի, 15 Նոյեմբեր 2021-ին, Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն պատասխանատուներ՝ պարոն Կարէն եւ տիկին Ժագլին Մակինեան (պարարուեստ), տիկին Թալին Մոսիկեան («Թորոս Ռոսլին»), պարոն Նորայր Պուտագեան (նկարչութեան ուսուցիչ), օրիորդ Լիւսի Գռուզեան («Կարկաչ» երգչախումբի պատասխանատու եւ ուսուցչուհի) եւ տիկին Սիլվա Սողոմոնեան («Արեգ» պատանեկան թատերախումբի ուսուցիչ) այցելեցին Ճեմարան եւ շրջեցան Ա.էն Ը. դասարանները: Անոնք ներկայացուցին արուեստին կարեւորութիւնը աշակերտներուն կազմաւորման համար եւ ըսին, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր մէջ ունի ձիրքեր, զորս պէտք է զարգացնել, որպէսզի կեանքի մէջ ըլլայ աւելի ուրախ: