«ՇՐՋԱՊԱՏՍ ՄԱՔՈՒՐ ԿԸ ՊԱՀԵՄ»

Չորեքշաբթի, 17 Նոյեմբերը սովորականէն տարբեր օր մըն էր Մանկապարտէզի Կապոյտ դասարանի փոքրիկներուն համար: Անոնք դպրոց եկան առօրեայ հագուստներով, սպունգներով եւ լաթերով:

Օրուան բոլոր աշխատանքները կեդրոնացան «շրջապատս մաքուր կը պահեմ» նիւթին շուրջ: Դպրոցին ընկերային ծառայող տիկին Սիլվա Քիւրքճեան երաժշտութեան ներքոյ եւ խամաճիկներով փոքրիկներուն փոխանցեց մաքրութեան վերաբերող անհրաժեշտ գիտելիքներ, որմէ ետք անոնք անցան գործնական աշխատանքի՝ մաքրելով բակն ու դասարանները, ինչպէս նաեւ լսելով պատմութիւններ եւ երգելով երգեր:

Օրուան աւարտին, իւրաքանչիւր երեխայ ստացաւ օճառ մը՝ իբրեւ յիշատակ: