ԱՇԱԿԵՐՏԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՆ ՈՒ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ճեմարանի ընկերային ծառայութեան կազմակերպած ընկերային դաստիարակութեան ծրագրի ծիրէն ներս, հինգշաբթի, 21 Հոկտեմբեր 2021-ին, մանկապարտիզպանուհի տիկին Թալին Եահնիյեանը այցելեց Նախակրթարանի Ե. դասարանները եւ խօսեցաւ աշակերտի մը իրաւունքներուն եւ պարտաւորութիւններուն մասին: Ան զանազան օրինակներով ներկայացուց նիւթը, իսկ աշակերտները մասնակցեցան՝ փոխանցելով իրենց ըսելիքներն ու խօսելով իրենց առօրեայ կեանքին մասին: Անոնք տիկին Թալինին ուղղեցին իրենց հարցումները եւ ստացան անոնց պատասխանները: