ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Չորեքշաբթի, 3 Նոյեմբեր 2021-ին, դասապահերէն ետք, տեղի ունեցաւ ուսման կողմնորոշման հանդիպում մը Հայկազեան համալսարանի ընդունման գրասենեակի պատասխանատու Թամար Քէշիշեանի հետ, որ աւարտական դասարանէն խումբ մը աշակերտներու ներկայացուց Հայկազեան համալսարան ընդունման տուեալները, մասնագիտութիւնները եւ համալսարան մուտքի անհրաժեշտ բոլոր մանրամասնութիւնները: