«CHRISTMAS ON ICE»

Չորեքշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2023-ին, տարրական բաժինի եւ նախակրթարանի աշակերտները ներկայ գտնուեցան «Christmas on Ice» ելոյթին։

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի մեծ ընտանիքը տօնական օրերու նախօրեակին անգամ մը եւս կը զօրակցի Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն: Այս նպատակով կազմակերպուած դրամահաւաքին, Ճեմարանականները իրենց մասնակցութիւնը բերին սրտաբուխ նուիրատուութիւններով՝ հաւաքելով 2800 ԱՄՆ տոլար: Գործակցաբար Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան գրասենեակներուն, սոյն գումարը պիտի յատկացուի Հայաստանի զանազան շրջաններ տեղափոխուած դպրոցական տարիքի արցախցի փոքրիկներու, որոնց…

ԱՌՈՂՋ ՍՆՆԴԱԿԱՆՈՆ

Կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակին, Չորեքշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2023-ին, Ճեմարանի շրջանաւարտ սննդագէտ Նանի Գալուստեան նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտներուն խօսեցաւ առողջ սննդականոնի մասին: Աշակերտները հետաքրքութեամբ հետեւեցան բացատրութիւններուն եւ ստացան իրենց հարցումներուն պատասխանները:

ԱՌՈՂՋ ԱԿՌԱՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄՔԸ

Ուրբաթ, 15 Դեկտեմբեր 2023 -ին, Ճեմարանի շրջանաւարտ Ցօղիկ Թրթռեան՝ Սէն Ժոզէֆ համալսարանի ատամնաբուժական բաժինի Բ. տարուան ուսանողուհի, տարրական բաժինի Ա. դասարանի աշակերտներուն գիտութեան պահուն խօսեցաւ «Առողջ ակռաներու խնամքը» նիւթին մասին, ապա պատասխանեց փոքրիկներուն հարցումներուն, եւ կատարեցին դասարանային աշխատանք մը:

ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՊԱԶԱՐ

Ճեմարանի ծնողական յանձնախումբին կազմակերպած «Նոր Տարուան Պազար»ի բացումը կատարուեցաւ Հինգշաբթի, 14 Դեկտեմբեր 2023-ի առաւօտեան, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ: Պազարին երկու օրերուն ընթացքին գեղարուեստական ելոյթներով իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Համազգայինի «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» մանկամսուրի եւ Նորսիկեան մանկապարտէզի փոքրիկները, ինչպէս նաեւ՝ տարրական բաժինի եւ Դ. դասարանի աշակերտները: Անոնք…

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ-ԶՐՈՅՑ

Կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակին, Չորեքշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2023-ին, Ճեմարան հրաւիրուած էր դեղագործ եւ մասնագէտ Սօսի Փօլատեան, Թ. եւ Ժ. դասարաններու աշակերտներուն հետ արծարծելու համար «Սեռական հարցեր» նիւթը: Աշակերտները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան նիւթին եւ ուղղեցին լուսաբանական հարցումներ:  

ԲՌՆԱԴԱՏՈՒՄ (Bulliying and Cyber Bulliying)

Երեքշաբթի, 12 Դեկտեմբեր 2023-ին, Ճեմարանի շրջանաւարտ Հուրի Լոճիքեան Պալթաճեան միջնակարգի Է. եւ Ը. դասարաններու աշակերտներուն հետ արծարծեց «բռնադատում» (Bulliying and Cyber Bulliying) նիւթը: Աշակերտները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան նիւթին եւ աւարտին հարցումներ ուղղեցին:

ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ ՄԱՍԻՆ ԱԿԱՆԱՏԵՍԻ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ

Ուրբաթ, 8 Դեկտեմբեր, 2023-ին, Թ. դասարանի աշակերտները հանդիպում մը ունեցան Ճեմարանի նախակրթարանի եւ միջնակարգի հայոց պատմութեան ուսուցչուհի Ամալիա Մարտիկեանի հետ: Ան երկրաշարժի մասին ականատեսի իր վկայութիւնները պատմեց աշակերտներուն, որոնք յուզումով հետեւեցան եւ ապրեցան երկրաշարժի ցնցող պահը. խօսքին ընկերացաւ երկրաշարժի մասին տեսերիզի ցուցադրութիւն մը: Ամալիա Մարտիկեան շարունակեց խօսիլ այսօրուան…

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱԿՌԱՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄՔ

Կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակին, Երեքշաբթի 12 Դեկտեմբեր 2023-ին, Ճեմարանի շրջանաւարտ Տոքթ. Իշխան Եղիայեան նախակրթարանի  Դ. դասարանի աշակերտներուն խօսեցաւ առողջ կենցաղի մասին եւ ներկայացուց «Առողջապահութիւն եւ ակռաներու խնամք» նիւթը, ապա պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն:  

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ (ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ)

Չորեքշաբթի, 6 Դեկտեմբեր 2023-ին, Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակի կազմակերպութեամբ, Հայկազեան համալսարանի ընդունման գրասենեակէն Նաթալի Թաքաճեան Ժ. եւ ԺԱ. դասարաններու աշակերտներուն զեկուցեց Հայկազեան համալսարանի մասնագիտութիւններուն, ընդունման վաւերաթուղթերուն, մուտքի քննութիւններուն եւ կրթանպաստներուն մասին, ապա պատասխանեց աշակերտներուն լուսաբանական հարցումներուն: 

ԽԱՂԱՆՔ ՆՈՐԱՐԱՐ ԳՈՐԾԻՔՆԵՐՈՎ

Կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, Երկուշաբթի, 4 Դեկտեմբեր 2023-ին, Համազգայինի մանկավարժական արդիական ծրագիրներու պատասխանատու Արին Գալուստեան, տարրական բաժինի Ա., Բ. եւ Գ. դասարանի աշակերտներուն բացատրութիւններ տուաւ խաղի անհրաժեշտութեան եւ խաղերու տեսակներուն մասին՝ պարզ խաղերէն մինչեւ նորարար խաղերը։ Ապա ան անդրադարձաւ համակարգչային խաղերուն եւ վերջապէս անոնց ծանօթացուց Համազգայինի Լալան ու…

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ-ԶՐՈՅՑՆԵՐ

Կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակին, ընկերային կազմաւորման եւ կեանքի հմտութիւններ ծրագրի ծիրին մէջ, Չորեքշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2023-ին, տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն-զրոյցներու շարք մը նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներուն հետ: Դասախօսներն էին Հայկազեան համալսարանի senior դասարանի աշակերտներ՝ Ալեակ Մոմճեան (մասնագիտութիւն՝ special education) եւ Սեւակ Հապէշեան (մասնագիտութիւն՝ psychology): Արծարծուեցան հոգեբանական եւ ընկերային տարբեր…