ԶՐՈՅՑ-ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Չորեքշաբթի, 28 Փետրուար 2024-ին, վերապատուելի Հրայր Չոլաքեան (Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցւոյ հովիւ) եւ կինը՝ Տիկ. Կարինէ Չոլաքեան այցելեցին Ճեմարան: Անոնք զրոյց-դասախօսական հանդիպումներ ունեցան նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներուն հետ:

Տիկին Չոլաքեան նախակրթարանի աշակերտներուն հետ արծարծեց «Արբունքի տարիքի բախումները դասընկերներու եւ ծնողներու հետ» նիւթը: 

Վերապատուելի Հրայր Չոլաքեան միջնակարգի աշակերտներուն խօսեցաւ որոշումներ տալու եւ անոնց հետեւանքներուն մասին նախապէս մտածելու կարեւորութեան մասին: