ԶՐՈՅՑ-ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐՈՒԵԼԱԿԵՐՊԻ ՄԱՍԻՆ

Երկուշաբթի, 12 Փետրուար 2024-ին, ընկերային կազմաւորման ծրագրի ծիրէն ներս, Ճեմարանի շրջանաւարտ հոգեբան Քրիսթէլ Աճեմեան տարրական բաժինի Բ. եւ Գ. դասարաններու աշակերտներուն խօսեցաւ յարգանքի ու սիրոյ մասին, ընկերներու հետ լաւ եւ գէշ վարուելակերպին ու հետեւանքներուն մասին: Ապա աշակերտները կատարեցին նիւթին վերաբերող աշխատանք մը: