ԱՐԱԶ ԽՏԸՐԵԱՆ՝ ԵՐՐՈՐԴ

Լիբանանի կրթութեան նախարարութեան կազմակերպութեամբ Շաբաթ, 2 Մարտ 2024-ին տեղի ունեցաւ Լեռնալիբանանի փինկ փոնկի միջդպրոցական ախոյեանութեան մրցաշարքը։

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ այս մարցաշարքին 2006-2007 տարիքային դասաւորման մէջ աւարտական դասարանէն Արազ Խտըրեան հանդիսացաւ երրորդ, իսկ յաջորդ օրը ան մասնակցեցաւ Լիբանանի բոլոր նահանգներու դպրոցական ախոյեանութեան աւարտական մրցումին եւ անգամ եւս գրաւեց երրորդ դիրքը: